image

Ուաշինկթընի մէջ Մաքրոն-Էրտողան հանդիպում

Ուաշինկթընի մէջ Մաքրոն-Էրտողան հանդիպում

Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը։

Այս մասին գրուած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը քննարկած են երկիրներու յարաբերութիւնները, ռուս-ուքրանական պատերազմը, Իսրայէլի յարձակումները Պաղեստինի վրայ, նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր։

Էրտողան ընդգծած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ։ Ընդգծելով Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացի աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը՝ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիան աջակցութիւն կ՚ակնկալէ այդ հարցով։