Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը դադրեցուցած է 17 յուլիսին յայտարարած նստացոյցը։ Այս մասին յայտնած է Արցախի նախագահի մամուլի ծառայութիւնը։
«Համարելով, որ իմ նստացոյցը, համաժողովրդական շարժումը եւ մնացած բոլոր ջանքերն արդէն որոշակի արդիւնք են ապահովել միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրելու եւ գործնական քայլերի մղելու հարցում՝ որոշել եմ դադարեցնել նստացոյցը եւ շարունակել ջանքերս աշխատանքային արտակարգ ռեժիմով»,–նշած է Յարութիւնեան։
Անոր խօսքով` իրենք յաջողած են բարձրացնել միջազգային իրազեկուածութեան եւ ուշադրութեան մակարդակը: Ըստ Արցախի նախագահի` այդ ուղղութեան գլխաւոր միջոցառումը դարձած է 24 յուլիսին կայացած հրատապ մամուլի ասուլիսը, որուն մասնակցած է շուրջ 100 լրագրող 35 երկրէ, այդ շարքին՝ աշխարհի ամենաառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Ան յիշեցուցած է, որ այդ ասուլիսին Արցախը յայտարարած է աղէտի գօտի՝ միջազգային հանրութեան կոչ ընելով հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու:
«Դրա առաջին արձագանգը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումն է Արցախի ժողովրդին աղէտից փրկելու նպատակով այսօր Արցախ մեծաքանակ հումանիտար աջակցութիւն ուղարկելու մասին: Կա՛մ Ադրբեջանը կը բացի Լաչինի (Քաշաթաղի) միջանցքը այդ հումանիտար աջակցութեան առջեւ, կա՛մ աղէտի գօտի հումանիտար բեռների մուտքի հերթական արգելքով, ի լուր աշխարհի, լրացուցիչ կերպով կը վերահաստատի իր քաղաքականութեան ցեղասպանական էութիւնը»,–նշած է Յարութիւնեան:
Ան կոչ ըրած է այլ պետութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն հետեւելու Հայաստանի Հանրապետութեան օրինակին եւ Արցախի ժողովուրդին մատակարարել հրատապ մարդասիրական օգնութիւն իրենց ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու շրջածիրէն ներս:
«Նաեւ մեր ջանքերի արդիւնքում երէկ Մոսկուայում տեղի է ունեցել Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի արտաքին գործերի նախարարների եռակողմ հանդիպում, որի արդիւնքները, սակայն, մեզ համար ընդունելի չեն»,–նշած է ան։
Յարութիւնեան յոյս յայտնած է, որ առաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան այլ հանդիպումներ ու միջոցառումներ, որոնք շօշափելի արդիւնքներ պիտի ապահովեն աղէտալի իրավիճակի վերացման հարցով:
«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներին խնդրում ու յորդորում ենք հետեւողական ջանքերով հնարաւորինս մեծացնել ճնշումը միջազգային հանրութեան հիմնական դերակատարների, յատկապէս՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի մշտական անդամների (Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսիայի, Մեծ Բրիտանիայի ու Չինաստանի) կառավարութիւնների, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կառոյցների ու Եւրոպական Միութեան նկատմամբ՝ կիրառելով բոլոր հնարաւոր միջոցներն ուշադրութիւն հրաւիրելու եւ հրատապ գործողութեան մղելու նպատակով»,– նշած է Արցախի նախագահը: