image

«Որսորդ՝ լուսանկարչութեան սարքով». Ցոլակ Հերկելեանին առաջին մրցանակ(Լուսանկարներ)

«Որսորդ՝ լուսանկարչութեան սարքով». Ցոլակ Հերկելեանին առաջին մրցանակ(Լուսանկարներ)

Բնիկ Մուսալեռցի մեր հայրենակիցը՝ Ցոլակ Հերկելեանն օրերս պատուաւոր մրցանակի արժանի դարձաւ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 

 Ցոլակ, որ երկար տարիներու նուիրուածութիւն ունի իր սիրելի ծննդավայր՝ Այնճարին հանդէպ մեծ սէր դրած է ապրող բնութիւնը եւ անոր հարստութիւնները վաւերագրելու գործին մէջ։

 Իր իսկական հրացանը, ոչ թէ որսորդական հրացանն է, այլ լուսանկարչական սարքը, որուն միջոցաւ ալ դիտողին կը ներկայացնէ Այնճարի չքնաղ գեղեցկութիւնը գոյացնող երեւոյթները՝ ծառեր, հազուագիտ գիշատիչներ, քիչ տեսնուող թռչուններ եւն., եւն.։ 

Եւ նոյն այս ծիրին մէջ ներկայանալով «Ապահով որսի կեդրոն»ին կողմէ կազմակերպուած  մրցանքին Ցոլակ Այնճարի մէջ ապրող հազուագիւտ բուի լուսանկարին շնորհիւ ստացաւ առաջին դիրքի մրցանակ եւ մրցանակը ստանձնեց օրերս տեղի ունեցած պատշաճ հանդիսութեան ընթացքին։

 

 

Նշենք նաեւ, որ Ցոլակի կողքին նոյնպէս առաջին դիրքի մրցանակին տիրացաւ լուսանկարիչ՝ Միշէլ Սաուանը։

Ուշագրաւն այն է, որ հակառակ Լիբանանը հարուածող տնտեսական ծանր պայմաններուն հաստատութիւնը կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ բնութիւնը վաւերագրող լուսանկարիչներուն։

 Որսը ի վերջոյ հրացանով եղած որսը չէ, այլ բնութեան գեղեցկութիւնը անմահացնող ու վաւերագրող լուսանկարչութիւնը, որ բնութեան պահպանողն եւ որուն ջերմ հետեւորդներէն է մեր հայրենակից Ցոլակ Հերկելեանը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Ցոլակին վստահ ըլլալով, որ ան իր երթը անխաբան կերպով պիտի շարունակէ։