image

Ոչ եւս է Դաշնակցական նուիրեալ գործիչ Երուանդ Խաթանասեանի դուստրը՝ Սեդա Սոնենց-Փափազեանը

Ոչ եւս է Դաշնակցական նուիրեալ գործիչ Երուանդ Խաթանասեանի դուստրը՝ Սեդա Սոնենց-Փափազեանը

Օրերս Պոսթընի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՀՅԴ նուիրեալ գործիչներէն, կուսակցութեան բարձրագոյն մարմնի՝ ՀՅԴ Բիւրոյի երբեմնի անդամ՝ Երուանդ Խաթանասեանի դուստրը՝ Սեդա Սոնենց-Փափազեանը։

Այս մասին տեղեկութիւնը «Արեւելք» քաղեց Պոսթըն հրապարակուող «Հայրենիք» էն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ լոյս տեսած հակիրճ մահարգրականը։

Փետրուար 3-ին մահացաւ Պոսթընահայ գաղութի ծանօթ դէմքերէն՝ Սեդա Սոնենց-Փափազեանը, ծնած՝ Յուլիս 1, 1925-ին Խարթում (Սուտան)։ Ան առջինեկ դուստրն էր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանի («Հայրենիք»-ի խմբագիր՝ 1963-էն 1968) եւ Վերգին Ալիանաքի։ 

Հայրը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Սեդայի վրայ։

Դաշնակցական ծանօթ ֆետայի Աբրոյի քրոջ որդին, տոքթ․ Խաթանասեան, որ կիսատ թողելով իր դասաւանդութիւնը, 1915-ին կը միանայ Անդրանիկի բանակին: Հայաստանի անկախացումէն ետք կը վերադառնայ Պէյրութ եւ յիշատակութեամբ կ՚աւարտէ բժշկական դասընթացքները, որմէ ետք կը մեկնի Սուտան, ուր կը կազմէ ընտանիք: Երկրորդ Աշխարհամարտին սկիզբը ընտանիքով կը հաստատուի Գահիրէ:

Եգիպտոսի մէջ կը նուիրուի կուսակցական կեանքին, կ՚ընտրուի Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ ու կը ծառայէ այդ մարմնին վրայ մինչեւ 1960-ական թուականները:

Խաթանասեան գործունէութեան վերջին շրջանը կատարեց Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Ան խանդավառութիւն ստեղծեց երիտասարդ շրջանակներէ ներս զանազան շրջաններու մէջ իր տուած դասախօսութիւններով եւ ստորագրած յօդուածներով: Մահացաւ 1980-ին Պոսթընի մէջ:

Սեդան համալսարանական ուսումը ստացաւ Գահիրէի մէջ եւ նշանակուեցաւ տեղւոյն ամերիկեան դեսպանատան գրադարանի պատասխանատու։ Ապա, ան միեւնոյն պաշտօնը կատարեց բրիտանական դեսպանատան մէջ։ Ընտանիք կազմելէ ետք, Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի հետ, յիսունականներուն սկիզբը, ան գաղթեց Միացեալ Նահանգներ՝ Պոսթըն։ Ամոլը բախտաւորուեցաւ երկու մանչ զաւակներով՝ Արմէն (Պոսթըն) եւ Վիգէն (Լոս Անճելըս)։

Վաթսունականներու աւարտէն ի վեր, Սեդա գործեց Հարվըրտ համալսարանի հանրահռչակ գրադարանէն ներս։ Նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրի օրերուն, ան շարունակեց գործել առցանց, մինչեւ տարեսկիզբ, երբ իր առողջական վիճակը սկսաւ վատթարանալ։

Իր հօրմէն ժառանգած էր տիպար հայ ըլլալու, մնալու եւ գործելու պարտականութիւնը։ Սեդա մօտէն կը հետեւէր Հայ Դատի գործունէութեան, Հայաստանի եւ Արցախի անցուդարձերուն։