Եղիսաբէթ Երկրորդ թագուհիի մահուան կապակցութեամբ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ազգային սուգ յայտարարուած է։
Ըստ Sky News-ին այն պիտի տեւէ 10 օր՝ մինչեւ թագուհիի յուղարկաւորութիւնը։
Նշուած է նաեւ, որ արքայազն Չարլզի՝ Մեծն Բրիտանիոյ թագադրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի Սէնթ Ճէյմս պալատին մէջ։
96 տարեկան Մեծն Բրիտանիոյ թագուհին՝ Եղիսաբէթ Բ. իր աչքերը յաւերժին փակեց:
Աւելի վաղ Պեքինկհեմեան պալատը յայտնած էր, որ բժիշկները անհանգստացած են Մեծն Բրիտանիոյ թագուհի՝ Եղիսաբէթ Բ.ի առողջական վիճակով եւ անոր խորհուրդ տուած են մնալ մասնագէտներու հսկողութեան տակ:
Թագուհիի բոլոր չորս զաւակները եւ թոռը՝ արքայազն՝ Ուիլիըմ արդէն ժամանած են սքոթլանտական Պալմորալ դղեակ, ուր կը գտնուի թագուհին։
Յիշեցնենք, որ Եղիսաբէթ Երկրորդը բրիտանացի առաջին միապետն է, որ տօնած է գահակալման փլաթինէ յոբելեանը: Թագուհին գահ բարձրացած է 1952 թուականի 6 փետրուարին, թագադրուած է 1953 թուականի 2 յունիսին հօր՝ Ճօրճ Զ. թագաւորի մահէն ետք։ 1947 թուականին` 21 տարեկանին, Եղիսաբէթ ամուսնացած է 26-ամեայ Ֆիլիպ Մաունթբեթենի հետ, որ բրիտանական նաւատորմի սպայ էր, յունական եւ դանիական թագաւորական ընտանիքներու անդամ, Վիքթորիա թագուհիի ծոռը։
Մէկ տարի անց` 1948 թուականին, ծնած է անոնց անդրանիկ զաւակը՝ արքայազն՝ Չարլզը, իսկ 1950 թուականի 15 օգոստոսին ծնած է անոնց դուստրը՝ արքայադուստր՝ Աննան։ 1960 թուականին լոյս աշխարհ եկած է թագուհիի երկրորդ որդին՝ արքայազն Էնտրիւն, իսկ 1964-ին ծնած է երրորդը՝ արքայազն Էտուարտը։