image

Ո՞ր դեսպանատունը յունիս 12-ի մասին խայտառակ պատասխան տուած է Բագրատ սրբազանին. «Հրապարակ»

Ո՞ր դեսպանատունը յունիս 12-ի մասին խայտառակ պատասխան տուած է Բագրատ սրբազանին. «Հրապարակ»

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազան Սիւնիք կատարած այցի ընթացքին գորիսեցիներուն յայտնած է, որ ՀՀ–ի մէջ հաւատարմագրուած եւրոպական երկիրներէն մէկու դեսպանատունը խայտառակ պատասխան տուած է յունիս 12-ի դէպքերու առնչութեամբ։ Այս մասին գրած է «Հրապարակ» օրաթերթը։

Յունիս 12-ին ԱԺ–ի շէնքի մօտ բախումներ սկսան ոստիկաններու եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներու ու կողմնակիցներու միջեւ։ Ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ կիրառեց, որու հետեւանքով 101 անձ վնասուածք ստացաւ, այդ շարքին` ոստիկաններ։

«Այդ դեսպանատուն մեր հայրենակիցները նամակ են ուղարկել, խոշոր էլ երկիր է, Եւրոպայի մեծ խաղացողներից, նամակի հետ տեսանիւթերով փոխանցուել են ոստիկանական վայրագութիւնները, որ 30 հոգով մարդ են ծեծում, կանանց, երեխաների վրայ ռումբ են (խօսքը լուսաձայնային նռնակի մասին է, – խմբ.) նետում, ծեծում-ջարդում են։ Ի՞նչ են պատասխանում․ ասում են՝ այո, այս դրուագները սարսափելի են, սրանք ուղղակի անընդունելի են, բայց աւելի պակաս սարսափելի են, քան այն, որ ռուսամէտները պիտի գան իշխանութեան, աւելի ճիշդ՝ ռուսական գործակալները»,– սիւնեցիներու հետ զրոյցին ըսած է սրբազանը։

Ան չէ հանրայնացուցած տուեալ երկրի անունը՝ ըսելով, որ նման իրաւասութիւն չունի, սակայն, պարբերականի տեղեկութիւններով, խօսքը Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի մասին է։

Թերթը գրած է նաեւ, որ սրբազանը բնակիչներուն կոչ ըրած է յոյսը սեփական անձի վրայ դնելու։

Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ սրբազանը 3-օրեայ այցով Սիւնիքի մարզի մէջ էր ու շրջած է տարբեր քաղաքներ եւ գիւղեր, զրուցած բնակիչներու հետ, ծանօթացած անոնց անհանգստացնող հարցերուն։