«Ճամբան բաց է ու ձեզի կը սպասէ: Սակայն, գիտցէք, որ մեծութեանց միայն յատուկ է այդ ճամբան: Մակերեսներէն գոհացող, կամ շատ շատ ջուրերու ծանծաղութեանց մէջ իր ապահովութիւնը փնտռող մարդը չի կրնար այդ ճամբուն բնակիչը ըլլալ: Ան որ ովկիանոսներու խորութիւնները կը փնռէ, ան որ բարձր գագաթներու նուաճման կը վազէ, ան որ իր կուրծքը կը բանայ փոթորիկներուն՝ անոր է ճամբան եւ իր ընկերներուն»։
Այսօր Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութիւն եւ թաղում բնիկ Մուսալեռցի կրթական մշակ, ազգային գործիչ՝ Մովսէս Այնթապլեանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Այնճարի «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան վարժարան»ի դիմատետրի էջէն։
Աղբիւրը այս առթիւ ներկայացուցած էր փունչ մը հանգուցեալի մտքերէն, որմէ փոքր հատուած մը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Մովսէս Այնթապլեան կը գրէ
« Ճամբան բաց է ու ձեզի կը սպասէ: Սակայն, գիտցէք, որ մեծութեանց միայն յատուկ է այդ ճամբան: Մակերեսներէն գոհացող, կամ շատ շատ ջուրերու ծանծաղութեանց մէջ իր ապահովութիւնը փնտռող մարդը չի կրնար այդ ճամբուն բնակիչը ըլլալ: Ան որ ովկիանոսներու խորութիւնները կը փնռէ, ան որ բարձր գագաթներու նուաճման կը վազէ, ան որ իր կուրծքը կը բանայ փոթորիկներուն՝ անոր է ճամբան եւ իր ընկերներուն»։
Աւելի վաղ անդրադարձած էինք Մովսէս Այնթապլեանի մահուան, ինչպէս նաեւ ծաւալած գործունէութեան։