Այս պահու դրութեամբ հաստատուած երկու զոհ ունինք քաղաքացիական անձերուն մէջ: Քննութիւնը այդ առումով կը շարունակուի: Այս մասին, 17 սեպտեմբերին, Գեղարքունիքի մարզին մէջ քանի մը լրագրողներու հետ զրոյցին նշեց ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահ՝ Արգիշտի Քեարամեան:
«Մէկը ուղիղ ճանապարհը թիրախաւորելու արդիւնքում է զոհուել: Այո, ունենք նաեւ դէպք, որ շտապօգնութեան մեքենան է թիրախաւորուել»,-ըսաւ ան:
Անոր խօսքով, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ յարձակումներ նախաձեռնելու եւ միջազգային մարդասիրական շարք մը էական խախտումներ թոյլ տալու հետ կապուած քրէական գործեր յարուցուած են: Քրէական գործեր յարուցուած են նաեւ դիակապտութեան յօդուածով:
«Քննութիւն է իրականացւում եւ այս պահին Գեղարքունիքում, Սիւնիքում, Վայոց Ձորում քննչական տարբեր խմբեր են փորձագէտների հետ միասին աշխատում: Առաջնային նպատակը զննութիւններով հաստատելն է քաղաքացիական ենթակառուցուածքներին, կառոյցներին հասցուած վնասը: Բազմաթիւ քաղաքացիական շէնքեր են վնասուել: Մեր խնդիրն է նաեւ այդ վնասները հաստատել, յստակեցնել, հետագայում նաեւ ապրանքագիտական փորձաքննութիւններ միջոցով պարզել նիւթական վնասի ընդհանուր արժէքը: Այս պահին քննչական խմբերը այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ են կատարում»,-ըսաւ Քեարամեան:
Ան նկատել տուաւ, որ վնասուած քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու կամ անոնց միջեւ ինկած տարածքներուն որեւէ զինուորական ենթակառուցուածք կամ զինուորական անձնակազմ չէ եղած. «Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանն ուղիղ թիրախաւորել է քաղաքացիական բնակչութեանը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները»,-ըսաւ Քեարամեան:
Հարցին, թե քննչական աշխատանքները աւարտելէ յետոյ ինչ պիտի ըլլան հետագայ գործողութիւնները, ՔԿ նախագահը պատասխանեց. «Իրականում քաղաքացիական ենթակառուցուածքների թիրախաւորումը շատ կարեւոր է, որ յստակ հաստատենք, որ միջազգային ատեաններում կարողանանք բարձրացնել այդ հարցերը»:
Ան նաեւ ըսաւ , թէ «ինքնութիւնը հաստատուած գերիներու վերաբերեալ մեր գործընկերները դիմել են եւ կան արդէն Եւրոպական դատարանի կողմից միջանկեալ միջոց կիրառելու որոշումներ»: