image

Վերջին գրոհին հետեւանքով հայ գերիներու թիւը կը հասնի երկու տասնեակի. Սիրանուշ Սահակեան

Վերջին գրոհին հետեւանքով հայ գերիներու թիւը կը հասնի երկու տասնեակի. Սիրանուշ Սահակեան

Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքով հայ գերիներու թիւը կը հասնի երկու տասնեակի։ Այս մասին «Հրապարակ» օրաթերթին յայտնած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեանը։

«Այս պահին մենք կարծում ենք, որ շուրջ երկու տասնեակ գերի կայ։ Տեսանիւթերն ուսումնասիրւում են, եւ նոյնականացման աշխատանքներ են այս պահին ընթանում պետական կառոյցների կողմից, ինչպէս նաեւ փաստահաւաքութիւն իրականացնող մարդու իրաւունքների պաշտպանների կողմից։ Կարմիր խաչը եւս տեղեկութիւն է հաւաքագրում հարազատների դիմումների հիման վրայ»,– նշած է Սահակեան։

Ան ընդգծած է, որ բոլոր այն անձինք, որոնք կը ճանչնան տեսանիւթերու մէջ իրենց զաւակներուն, հարազատներուն, պէտք է այս տեղեկատւութիւնը փոխանցեն նաեւ Կարմիր խաչին։ Անձի մասին որեւէ տեղեկութիւն չունենալու պարագային եւս պէտք է այդ տեղեկութիւնները փոխանցուին Կարմիր խաչին եւ իրաւապաշտպան կառոյցներուն։

Սիրանուշ Սահակեանը շեշտած է, որ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած է միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցչի գրասենեակը` Եղիշէ Կիրակոսեանի ղեկավարութեամբ։ Անյապաղ միջոցներու վերաբերեալ խնդրագրեր ուղարկուած են։ Իրենք եւս տեղեկութիւններ կը ստանան հարազատներէն ու նոյնականացում կ'իրականացնեն: