image

Վարդենիսէն անյետացած զինուորին մասին ոչ մէկ նորութիւն կայ

Վարդենիսէն անյետացած զինուորին մասին ոչ մէկ նորութիւն կայ

Վարդենիսի տարածքին 18 Մայիսէն անհետացած ժամկէտային զինուորէն որեւէ նորութիւն մինչ այժմ չկայ: Այս մասին ըսաւ Կողբ համայնքի նախկին ղեկավար Արսէն Աղապապեանը:

«Նրա նկատմամբ հետախուզում է յայտարարուել, բայց մինչեւ այժմ ոչ մի նորութիւն չկայ», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ 18 Մայիսին Վարդենիսի տարածաշրջանին մէջ անհետ կորսուած է ժամկէտային զինուոր, Տավուշի մարզի Կողբ գիւղի բնակիչ Նորիկ Աղապապեանը։

Ան 18 տարեկան է եւ Յունուարէն կը ծառայէ Վարդենիսի մէջ։ Զինուորին հեռախօսը գտնուած է դիրքէն մօտ 30 քմ հեռաւորութեան վրայ: