image

Տոնէցքի, Լուկանսքի եւ այլ շրջաններու մէջ Ռուսիոյ մաս կազմելու համար հանրաքուէ կը կատարուի

Տոնէցքի, Լուկանսքի եւ այլ շրջաններու մէջ Ռուսիոյ մաս կազմելու համար հանրաքուէ կը կատարուի

Այսօր՝ 23 սեպտեմբերին, ինքնահռչակ Տոնէցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններուն մէջ (ԴԺՀ և ԼԺՀ), ինչպէս նաեւ Խերսոնի մարզին եւ Զապորոժիէի մարզի՝ ներկայիս ռուսական զօրքի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ պիտի մեկնարկի Ռուսիոյ Դաշնութեան միանալու հարցով հանրաքուէներու քուէարկութիւնը։ Բոլոր չորս մարզերուն մէջ այն պիտի կայանայ մինչեւ 27 սեպտեմբերը ներառեալ, գրած է ԹԱՍՍ-ը։

Անյապաղ հանրաքուէ կայացնելու հարցը բարձրացած է շաբթուայ սկիզբը Տոնէցքի եւ Լուկանսքի հանրային պալատներու կողմէ: Երկուշաբթի անոնք այս պահանջն ուղղած են հանրապետութիւններու ղեկավարներուն։ Թուականները նշանակուած են երեքշաբթի, խորհրդարանները միաձայն ընդունած են հանրաքուէներու մասին օրէնքները, իսկ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովները՝ հաստատած են քուէարկութեան կարգը։

Նման քուէարկութիւն կազմակերպելու պահանջին երեքշաբթի միացած են Զապորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերու բնակիչները։

Չորեքշաբթի առաւօտեան Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռուստաուղերձին մէջ ըսած է, որ Ռուսիա կ'աջակցի Տոնպասի, Զապորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերու բնակիչներու՝ իրենց ապագայի վերաբերեալ որոշման, որ անոնք պիտի ընդունին հանրաքուէներով։