Ծանօթ չեմ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» հայեցակարգին. Փեսքով արձագանգած է Փաշինեանի յայտարարութեան

Ծանօթ չեմ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» հայեցակարգին. Փեսքով արձագանգած է Փաշինեանի յայտարարութեան

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը չէ մեկնաբանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները Պաքուի կողմէ առաջ մղուող «Արեւմտեան Ատրպէյճան» հայեցակարգի վերաբերեալ։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Չափազանց կասկածելի է թւում նաեւ այն, որ Ադրբեջանում բարձրագոյն հովանաւորութեամբ եւ ըստ էութեան պաշտօնական մակարդակում ՀՀ-ն սկսել են կոչել «Արեւմտեան Ադրբեջան»։ Սա մեզ նոր պատերազմ, Հայաստանի դէմ նոր ռազմական ագրեսիա կազմակերպելու նախապատրաստութիւն է թւում եւ խաղաղութեան գործընթացի առաջընթացի հիմնական խոչընդոտներից է»,-ըսած էր  Փաշինեանը:

«Ցաւօք, ոչինչ կրնամ ըսել, քանի որ պետական մակարդակով Ատրպէյճանի կողմէ նման յայտարարութիւններու ծանօթ չեմ։ Մենք լսեր ենք բոլորովին այլ յայտարարութիւններ երկրի ղեկավարութենէն, Ատրպէյճանի ղեկավարութենէն, որոնք կը խօսին մէկ փուլի աւարտի եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման պատրաստ ըլլալու մասին»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով։

«Հետեւաբար, պարոն Փաշինեանի յայտարարութեան այս հատուածի մասին յստակ որեւէ բան չեմ կրնար ըսել»,-աւելցուցած է Փեսքով։