Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւս երկու ամիսով կալանքի տակ պահելու միջնորդութիւնը: Այս մասին ըսաւ անոր պաշտպան Սերկէյ Յովհաննիսեանը:
Ան տեղեկացուց, որ դատարանին որոշումը ստանալէ յետոյ պիտի բողոքարկեն վերաքննիչ դատարան:
Դաւիթ Տօնոյեանը կը մեղադրուի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացին մէջ չարաշահում կատարելու առթիվ քննուող գործով:
ԱԱԾ-ի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Դաւիթ Գալստեանը կը մեղադրուին առանձնապէս մեծ չափերով՝ 2.277.323.840 ՀՀ դրամ գումար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար: Անոնք իրենց առաջադրուած մեղադրանքը չեն ընդունիր: