image

Տօնոյեան պիտի մնայ կալանքի տակ

Տօնոյեան պիտի մնայ կալանքի տակ

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան պիտի շարունակէ մնալ կալանաւորուած։ Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Արմէն Յովհաննիսեանի նախագահութեամբ, մերժած է Տօնոյեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը անփոփոխ թողելու եւ գրաւի միջնորդութիւնը մերժելու որոշման դէմ բողոքը։

Յիշեցնենք, որ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս յարուցուած էր քրէական գործ՝ ռազմամթերքի ձեռքբերման գործընթացին մէջ ենթադրեալ չարաշահումներու, մասնաւորապէս, անորակ, անպիտան հրթիռներ ձեռք բերելու վերաբերեալ։ Քրէական գործի ծիրէն ներս մեղադրանք առաջադրուած է եօթ անձի, այդ շարքին՝ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին, Գլխաւոր շտապի նախկին պետ Արտակ Դաւթեանին։