Երեւանի աւագանին այսօրուայ նիստին որոշում կայացուց ՀՀ նախկին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը Երեւանի փոխքաղաքապետի պաշտօնին նշանակելու մասին։
Գրանցուած էր աւագանիի 46 անդամ։ Անոնցմէ 44–ը կողմ քուէարկեցին Աւինեանի թեկնածութեան, 2–ը` ձեռնպահ։ Դէմ ձայն չկար։
Նշենք, որ Աւինեանին փոխքաղաքապետ նշանակելու հարցը պէտք է քննարկուէր դեռ 13 սեպտեմբերին, բայց ՀՀ–ի դէմ Ատրպէյճանի սկսած յարձակման հետեւանքով Երեւանի աւագանիի նիստը յետաձգուած էր։
Այս պահուն Երեւանը 5 փոխքաղաքապետ ունի։ Աւինեան պիտի համակարգէ թաղապետերու եւ կառավարութեան հետ աշխատանքը, շինարարական բարեկարգման, կանաչապատման, մշակոյթի ոլորտներու աշխատանքը։
Իր ելոյթին մէջ Տիգրան Աւինեան նշած է, որ զինուորներու հերոսութիւնը պիտի պարտաւորեցնէ շարունակել արարել, զօրացնել պետութիւնը, զինել բանակը, զարգացնել տնտեսութիւնը․ բոլորն ունին մէկ ընելիք՝ աշխատիլ աւելի մեծ եռանդով, եւ իրեն համար մեծ պատիւ է ըլլալ իր ծննդավայր Երեւանի փոխքաղաքապետ։
«Երեւանը պէտք է լինի մարդկա՛նց համար քաղաք։ Քաղաքն այդպիսին կարող է դառնալ պարզ սկզբունքների պահպանմամբ՝ հանրային շահի գերակայութիւն՝ անհատական շահի նկատմամբ, այդ բանաձեւով է պէտք լուծել բոլոր խնդիրները, չի կարող մէկի անհատական շահը աւելի կարեւոր լինել, քան երեխաների խաղը բարեկարգ խաղահրապարակում»,–ըսած է Տիգրան Աւինեան։
Ան նշած է, որ մարդոց համար քաղաք կառուցել կը նշանակէ ապահովել այնպիսի միջավայր, ուր բոլորն ունին հաւասար հնարաւորութիւններ եւ Երեւանի համար պէտք է հոգ տանի անոր իւրաքնաչիւր բնակիչ։