image

Թոյվօ Քլաար. ԵՄ-ն վճռականօրէն կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման

Թոյվօ Քլաար. ԵՄ-ն վճռականօրէն կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Թուիթըրով իր խոր գոհունակութիւնը յայտնած է Պաքուի IX համաշխարհային համաժողովին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան առնչութեամբ, ըստ որուն` Հայաստանի հետ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն հաստատելու ցանկութիւն կայ:

«Ուրախ եմ կարդալու Ատրպէյճայի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը #GlobalBakuForum-ում. «Հիմա ժամանակն է հաստատելու խաղաղութիւն, հաստատելու համագործակցութիւն» եւ «անցնելու գործնական իրականացման»` հետեւելով Հայաստանի հետ դրական աշխուժութեան: ԵՄ-ն վճռականօրէն կ'աջակցի անոր»,  գրաղ է Թոյվօ Քլաարը: