Թուրքիոյ մէջ ՆԱԹՕ–էն դուրս գալու ստորագրահաւաք մեկնարկած է աւելի քան 50 տարբեր վայրերու մէջ՝ առցանց տարբերակով։
Թրքական« Aydınlık»–ի հաղորդմամբ՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախաձեռնած ստորագրահաւաքին քաղաքացիները մեծ աշխոյժութիւն կը ցուցաբերեն։
Նշուած է, որ ստորագրահաւաքին զուգահեռ բողոքի գործողութիւններ տեղի կ'ունենան Թուրքիոյ մէջ ՆԱԹՕ–ի ռազմակայաններու դիմաց։
«Հայրենիք» կուսակցութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ–ի կազմին մէջ անպաշտպան է, քանի որ ՆԱԹՕ–ն է PKK–ի, Կիւլէնի շարժման հովանաւորը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ դէմ ռազմակայաններ կը տեղադրէ։
Նշենք, որ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահը տխրահռչակ Տողու Փերինչէքն է։