image

Թուրքիոյ կողմէ ժխտական արձագանգ իսրայէլեան որոշումներուն

Թուրքիոյ կողմէ ժխտական արձագանգ իսրայէլեան որոշումներուն

Պաղեստինեան տարածքներու բռնակցման վերաբերեալ Իսրայէլի Խորհրդարանի որոշումը ոչ մէկ իրաւական ուժ ունի, յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։

Ավելի վաղ, Իսրայէլի Քնեսեթը քուէարկած է Արեւմտեան ափին նտատմամբ Իսրայէլի ինքնիշխանութիւնը տարածելու օգտին։ Ներկայիս, Իսրայէլի բանակը այնտեղ զինուորական շարժումներ կը կատարէ։ Խորհրդարանին մէջ այդ բանաձեւին կողմ քուէարկած են 71 պատգամաւոր։ Ներկայիս Իսրայէլը կը վերահսկէ Արեւմտեան ափի մօտ 60 առ հարիւրը։

Անգարայի յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Յորդանան գետի արեւմտեան ափը Պաղեստինեան տարածք է եւ 1967 թուականէն ի վեր կը գտնուի Իսրայէլի բռնագրաւման տակ։ Այդ տարածքը բռնակցելու Իսրայէլի որեւէ փորձ անօրինական եւ սադրիչ գործողութիւն է, որուն նպատակն է խաղաղ բանակցութիւնները տապալել, նշած են նախարարութենէն։