Թուրքիան շահագրգռուած չէ Քիեւի կողմէ Մոսկուայի հետ հակամարտութեան մէջ մտնելու Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ մասնակցութեամբ ռազմական գործողութիւններու բռնկման սենարով, ըսած է անանուն պաշտօնեան։
Անոր խօսքով՝ այդ տեղի չ'ունենար նոյնիսկ՝ հաշուի առնելով Անգարայի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին և ուքրանական կողմին հետ ռազմական համագործակցութեան ամրապնդումը Bayraktar TB2 անօդաչու սարքերու վաճառքի տեսքով։
«Թուրքիան Ուքրանիոյ մէջ իր քայլերը չի համաձայնեցներ Ուաշինկթընի հետ, այլ կը գործէ ինքնուրոյն՝ սեփական շահերը պաշտպանելու համար», պարզաբանած է աղբիւրը՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը կեդրոնացած է մանեւրելու վրայ:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբերի վերջը Էրտողան յայտարարած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդ դառնալու Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ:
«Մենք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան կողմնակից ենք… Մենք բազմիցս քննարկած ենք այդ հարցերը բարեկամ Ռուսաստանի եւ յատկապէս Փութինի հետ: Մենք պատրաստ ենք միջնորդելու՝ բանակցութիւններ վարել ինչպէս Ուքրանիոյ, այնպէս ալ Փութինի հետ: Մենք ցանկութիւն ունինք մասնակցելու այս հարցի լուծման», ըսած էր Էրտողան։
Քիեւը այս առաջարկը ողջունած էր, իսկ Մոսկուայի մէջ ըսած էին, որ այդ հնարաւոր չէ այն պարզ պատճառով, որ Ռուսիան հակամարտութեան կողմ չէ: