Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներու տեղափոխումը Սուրիայէն դէպի Ատրպէյճան եւ անոնց ներկայութիւնը Իրանի սահմաններու մօտ անընդունելի է: Այդ մասին Թուիթըրի իր էջին յայտարարած է իրանցի դիւանագէտ, Հայաստանի մէջ Իրանի նախկին դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատին՝ կից հրապարակելով նաեւ տեսանիւթ այդ մասին:
«Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Հայաստանէն, Սիրուայէն եւ Իրաքէն ետք Թուրքիան հիմա ալ չարամիտ գործողութիւններ կը ծրագրէ Իրանի սահմաններու մօտ: Թուրքիան պէտք է իմանայ, որ կրակի հետ կը խաղայ»,-գրած է Քազեմ Սաճատին: