Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն նշած է, որ Թուրքիան Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու շուրջ երկխօսութիւն կը վարէ բոլոր կողմերու հետ։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած է թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը։
«Անգարան կը շարունակէ նպաստել Աֆղանիստանի տնտեսական զարգացման, կայունութեան եւ խաղաղութեան»,- յայտարարած է Չաւուշօղլուն Հորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Թուրքիան այս հարցի կապակցութեամբ սերտօրէն կը համագործակցի նաեւ ԱՄՆ-ի հետ։ «Երկրին մէջ իշխանութիւնը փաստացի կը գտնուի թալեպներու ձեռքը: Ապտուլլահ Ապտուլան եւ Համիտ Քարզայը դեռ կը գտնուին Քապուլի մէջ եւ կը նախապատրաստուին թալեպներու հետ երկխօսութեան»,- նշած է թուրք նախարարը:
Չաւուշօղլուն իր խօսքին մէջ միաժամանակ բարձր գնահատած է Քաթարի ներդրումը միջաֆղանական երկխօսութեան մէջ:
Թուրք նախարարը նաեւ ափսոսանք յայտնած է Քապուլի միջազգային օդակայանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի համար՝ նշելով, որ Անգարան պիտի շարունակէ աջակցիլ Աֆղանիստանի մայրաքաղաքէն տարբեր երկիրներ քաղաքացիներու տարհանման գործին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն աւելի վաղ յայտնած էր, որ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը կը շարունակէ աշխատիլ:
«Մեր դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ բոլոր աշխատակիցներու համար անհրաժեշտ միջոցառումները ի սկզբանէ ձեռնարկած էինք: Քապուլի մէջ մեր դեսպանատունը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը»,- յայտնած էր Չաւուշօղլուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ