image

Թրքական Pegasus-ը դէպի Երեւա՞ն

Թրքական Pegasus-ը դէպի Երեւա՞ն

Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախարար Ատիլ Քարաիսմաիլօղլուն յայտնած է, որ շուտով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձ թռիչքները պիտի վերսկսին։

Թրքական AirTurk կայքի փոխանցմամբ՝ թուրք նախարարը նշած է, որ Հայաստան թռչելու համար նախապատրաստական աշխատանքներ կ'իրականացնէ թրքական Pegasus օդանաւային ընկերութիւնը։ Ան շեշտած է, որ հայկական կողմէ եւս կայ թռիչքներ իրականացնել փափաքող ընկերութիւններ։  Մօտ ժամանակներս փոխադարձաբար պիտի վերսկսին թռիչքները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, որոնք արդէն 2.5  տարիէ դադրեցուած են։