Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպաման ելոյթ ունեցած է Փիթսպուրկի մէջ (Փենսիլվանիա) եւ քննադատած նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփը։ Այս մասին գրած է Bild-ը:
«Ոչ մէկ նշան կայ, որ այս մարդն իրմէ բացի կը մտածէ ուրիշի մասին: Ան 78-ամեայ միլիառատէր է, որ չի դադրիր նվնուալ իր խնդիրներու մասին այն պահէն ի վեր, երբ 9 տարի առաջ իջաւ ոսկեայ շարժասանդուղքով»,-ըսած է ՕՊաման։
Ան նկատի ունեցած է 2015 թուականը, երբ Թրամփ առաջին անգամ յայտարարեց նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնն առաջադրելու մասին եւ Նիւ Եորքի իր Trump Tower աշտարակէն՝ ոսկեգոյն շարժասանդուղքով իջնելով հանրութեան մօտ։
«Թրամփին կը հետաքրքրէ միայն իր «Ես»ը, փողն ու կարգավիճակը։ Ան չի մտածեր ձեր մասին»,-աւելցուցած է Օպաման։
Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը սատարած է դեմոկրատներու թեկնածու Քամալա Հարիսին:
«Ան չի կեդրոնանար իր խնդիրներուն վրայ, ան կը կեդրոնանայ ձեր խնդիրներուն վրայ: Որպէս նախագահ՝ ան հոգ կը տանի ոչ միայն իր կողմնակիցներու մասին: Ան կ՚աշխատի իւրաքանչիւր ամերիկացիի համար: Սա Քամալան է: Ամերիկային պէտք չէ եւս չորս տարուան ամբարտավանութիւն, անճարակութիւն, անտաղանդութիւն եւ պառակտում»,- ըսած է Օպաման։