ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յունուար 16-ին յայտարարած է, որ ոչ ոք փորձած է իրեն համոզել հրաժարիլ Իրանը հարուածելու մտադրութենէն։
«Ոչ ոք զիս համոզեց։ Ես ինծի համոզեր եմ»,- լրագրողներու հետ շփման ընթացքին ըսած է Թրամփ՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք արաբական պետութիւններու կամ Իսրայէլի իշխանութիւնները փորձած են ազդել իր որոշման վրայ։
Անոր խօսքով՝ որոշման վրայ մեծապէս ազդած է այն հանգամանքը, որ Իրանի իշխանութիւնները չեղարկած են կախաղանով մահապատիժի ենթարկելու աւելի քան 800 դատավճիռ, որոնք կը նախատեսէին իրականացնել յունուար 15-ին։
Միեւնույն ժամանակ, AFP-ը յունուար 15-ին հաղորդած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Օմանի իշխանութիւնները փորձած են համոզել ԱՄՆ նախագահը հրաժարիլ Իրանը հարուածելէ։
AFP-ի հաղորդմամբ՝ Իրանի ներկայացուցիչները եւս նշած են, որ Թրամփ Թեհրանին տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ-ն պիտի չյարձակի երկրի վրայ։