Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլիի առանձնազրոյցը։
Ինչպէս Թիֆլիսէն յայտնած է «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, նախագահներու առանձնազրոյցին յաջորդած է հայկական եւ վրացական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմերով հանդիպումը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահները հանդէս եկած են մամուլի համար յայտարարութիւններով։
ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը պաշտօնական այցով Վրաստան պիտի գտնուի նոյեմբեր 19-20-ը։ Այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէի եւ Շալվա Փափուաշվիլիի հետ։