image

Թեհրանի մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով զոհուած են 140 հայեր. Դերենիկ Մելիքեան

Թեհրանի մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով զոհուած  են 140 հայեր. Դերենիկ Մելիքեան

Թեհրանի մէջ հրապարակուող «Ալիք» օրաթերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի հաղորդմամբ, Իրանի հայկական  թեմերու հրապարակած պաշտօնական տուելաներու համաձայն հայ համայնքի անդամներէն մինչ օրս «Քորոնա»  վարակին զոհ գացած է շուրջ 160 իրանահայ: 

Մելիքեան, որ այսօր խօսեցաւ «Արեւելք»ին, մասնաւորաբար նշեց. «Թեհրանի թեմական խորհուրդի՝ ազգային առաջնորդարանի, ասկէ երկու օր առաջուայ հրապարակած պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, ցաւօք մենք «Քորոնա»էն 140-ի մօտ զոհուածներ ունինք, շուրջ երկու տասնեակի չափ մահացածներու մասին ալ յայտարարուած է միւս՝ Սպահանի (Նոր Ջուղա) եւ Ատրպատականի թեմերու կողմէ»։ 

Մելիքեան  անդրադառնալով նաեւ վարակակիրներու թիւին, նշեց, որ ինչպէս համընդհանուր Իրանի մէջ, այնպէս ալ համընդհանուր համայնքի մէջ վարակակիներու յստակ թիւեր չկան տրամադրութեան տակ: 

Խօսելով համաճարակի Իրանի մէջ ներկայ իրավիճակի մասին, Մելիքեան ըսաւ որ «Այստեղ համավարակի շրջանառուող 5-րդ ալիքը շատ տարածուն, շատ ընդլայնուած եւ շատ ծանր հետեւանքներ թողած է հասարակութեան վրայ, մահացութիւններու թիւը բազմապատկուած, նոյնիսկ քառապատկուած է»: Ան նաեւ  նշեց,  թէ օրական հաշուարկով եթէ  բնական պայմաններուն մէջ 100 -130 հոգի կը մահանային, վերջին օրերուն արդէն խօսքը 500 -600 նոնիսկ 700-ական աղէտալի թիւերու մասին է, բան մը, որ պարտադրեց կառավարութեան, որ  խիստ միջոցներու դիմէ, արագացնէ պատուաստանիւթերու ներկրումը: Ան հաստատեց, որ Իրանի կառավարութիւնը այժմ արդէն միլիոնաւոր  մատուաստներ  կը ներմուծէ Ճափոնէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ եւ կը փորձէ արագ կերպով պատուաստումի միջոցով կանխարգիլել այս վարակի տարածման խնդիրը:

Գալով հայկական համայնքին, Մելիքեան  ըսաւ, թէ հայ համայնք ալ իր հերթին, ինչպէս առհասարակ Իրանի երկրի մակարդակով, կը փորձէ կանխարգելիչ միջոցներուն ուշադրութիւն դարձնել, երիտասարդներուն հաւաքները սահմանափակել եւ առողջապահական կանխարգելիչ միջոցները խստապահանջ կերպով գործադրել, եւ այդ առիթով ալ ազգային իշխանութիւնները, Բժիշկներու միութիւնը եւ տարբեր կառոյցներ կը դիմեն հայ հասարակութեան, որպէսզի այդ ուղղութեամբ  աւելի աչալուրջ ըլլան: