image

Թէ ինչպէս առողջութեան մասին «ճառ»ս դարձաւ քաղցր հանդիպում

 Թէ ինչպէս առողջութեան մասին «ճառ»ս դարձաւ քաղցր հանդիպում

Ամէնէն գէշը հաւատացէք ակռայի ցաւն է , այդ մէկը ես յանձն կ'առնեմ։ Մարդը քովս կը կանչեմ, ակռան կը բուժեմ ու ցաւը կը կեցնեմ։ Յետոյ լաւ մը կը խրատեմ, նախ քաղցր ուտելիքները կ'արգիլեմ, շաքարին վնասակար ազդեցութիւնը կը բացատրեմ վերջն ալ առողջութեան մասին երկար բարակ ճառ մը կ'արտասանեմ` թէ ինչպէս պիտի ակռաները խնամէ, բերանը ինչպէս մաքուր պիտի պահէ, պիտի չծխէ, պիտի չխմէ... Անշուշտ վերջաւորութեան դրամս կ'առնեմ ու մարդը ճամբու կը դնեմ։

 

 

Այսօր օդը թէեւ պայծառ է բայց մթնոլորտը կարծես թէ տեսակ մը դառն է ։

 Անէն մարդ գանգատի մէջ է ։ Մէկը գլխացաւէ կը տառապի, միւսը փորի ցաւ ունի։ Մէկուն ականջը կը ցաւի ուրիշ մըն ալ զօրաւոր ակռայի ցաւ ունի։

 Ամէնէն գէշը հաւատացէք ակռայի ցաւն է , այդ մէկը ես յանձն կ'առնեմ։ Մարդը քովս կը կանչեմ, ակռան կը բուժեմ ու ցաւը կը կեցնեմ։ Յետոյ լաւ մը կը խրատեմ, նախ քաղցր ուտելիքները կ'արգիլեմ, շաքարին վնասակար ազդեցութիւնը կը բացատրեմ վերջն ալ առողջութեան մասին երկար բարակ ճառ մը կ'արտասանեմ` թէ ինչպէս պիտի ակռաները խնամէ, բերանը ինչպէս մաքուր պիտի պահէ, պիտի չծխէ, պիտի չխմէ... Անշուշտ վերջաւորութեան դրամս կ'առնեմ ու մարդը ճամբու կը դնեմ։

 Յանկարծ իրիկունը դուռս կը զարնուի, կը բանամ ու զարմացած կը տեսնեմ թէ միեւնոյն մարդն է ... 

_ Ի՞նչ եղաւ, կը հարցնեմ, ակռայիդ ցաւը նորէ՞ն սկսաւ։

_ Ընդհակառակը, կը պատասխանէ, ցաւը ամբողջութեամբ անցաւ։ Եկեր եմ որ շնորհակալութիւն յայտնեմ։ 

_ Հրամմէ, ներս անցիր, կ'ըսեմ։

_ Մէկ վայրկեան, կ'ըսէ, ու կ'երթայ ինքաշարժին մէջէն տոպրակ մը կը բերէ, մէջէն տուփ մը փախլաւայ եւ շիշ մը օղի կը հանէ ու սեղանիս վրայ կը դնէ , յետոյ գրպանէն տուփ մը սիկար կը հանէ ու ինծի կ'երկարէ։ 

_ Շնորհակալ եմ, կ'ըսեմ ու սիկարը ձեռքէն կ'առնեմ։ Յետոյ փախլաւային տուփը կը բանամ ու կը համտեսեմ։ Շատ համով է կ'ըսեմ ու իրեն ալ կը հրամցնեմ.. 

_ Չէ , ես չեմ կրնար ուտել, կ'ըսէ ու ժպտալով կը շարունակէ թէ ատամնաբուժը իրեն քաղցր ուտելը արգիլած է , ատկէ զատ կ'ըսէ թէ պարապ ստամոքսին քաղցր ուտելը լաւ չէ ։ 

_ Ուրեմն նստիր ու ինծի սպասէ, կ'ըսեմ , ու կ'անցնիմ խոհանոցէն հաց ,  պանիր մանիր ու բաներ մը կը բերեմ։ Թէեւ ես ռեժիմի մէջ եմ բայց այսօր ռեժիմս պիտի խանգարեմ կ'ըսեմ ու մարդուն բերած օղին բանալով գաւաթները կը լեցնեմ... 

 Այսպէս կ'ուտենք, կը խմենք , ու քաղցր զրոյցով մը օղին կը վերջացնենք։ Հայաստանէն բերած շիշ մը ծիրանի օղի ունիմ, որ լաւ առիթի մը պահած եմ ... Այդ ալ կը խմենք եւ տրամադրութիւննիս գագթնակէտին կը հասցնենք։ Յետոյ դուրս կ'ելլենք, ամէն մէկս սիկար մը կը վարենք եւ ծուխին հետ միասին մեր քաղցր տրամադրութիւնը օդին մէջ կը պարպենք ու մթնոլորտը կը քաղցրացնենք... 

 

 Հիմա որ օդը պայծառ է ու մթնոլորտը արդէն քաղցր է, ատամնաբուժին տուած խրատը այդքան ալ պէտք չէ ։ Ճիշդ է , այդ խրատը օգտակար է բայց քիչ մը թանկ է... 

 Կարեւորը սակայն ազգային բժիշկին տուած խրատն է , որ ոչ թէ միայն ձրի, այլ նաեւ քաղցր է` 

_ Ուտելիքին քաղցրութիւնը թէեւ վնաս է բայց պիտի ընդունինք որ ուտելը մարդկային յարաբերութիւններ կը քաղցրացնէ... 

  Իսկ մարդկային քաղցր յարաբերութիւնը որո՞ւն վնաս է.... Ընդհակառակը, փորձեցէք, շատ օգտակար է։

 

Խաժակ Այնթապեան

Խաժակ Այնթապեան

Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեան ծնած է 1 Յու...