Թայուանի զինուորականներ Քինմըն կղզիիմ մէջ թռիչքի պահուն խոցած են Չինաստանի ժողովրդական ազատագրական բանակի անօդաչու թռչող սարքը (ԱԹՍ): Այս մասին յայտնած է Reuters-ը։
Օգոստոսի սկիզբը Չինաստանի ժողովրդական ազատագրական բանակը շարք մը զօրավարժութիւններ իրականացուցած է իր ափի երկայնքով՝ Թայուանի նեղուցին աճող լարուածութեան ֆոնին, որ պայմանաւորուած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի 2-3 օգոստոսին Թայփէյ կատարած այցով: Չինաստանի զինուած ուժերը լայնածաւալ ռազմական հրթիռային զօավարժութիւններ կատարած են նաեւ Թայուանի շրջակայքի վեց շրջաններու մէջ։