«Թալեպան» արմատական շարժման պաշտօնական ներկայացուցիչ Զապիհուլա Մուճահիտը յայտարարած է, որ նոր իշխանութիւնները ամէն բան պիտի ընեն , որ Աֆղանիստանը չվերածուի թմրանիւթերու արտադրութեան կեդրոնի։ Այս մասին ան ըսած է Քապուլի գրաւումէն ետք առաջին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, որ հեռարձակուած է Al Jazeera հեռուստաալիքով։
«Կ'ուզեմ վստահեցնել ողջ աշխարհին, որ Աֆղանիստանը պիտի չդառնայ որեւէ տեսակի թմրամիջոցի արտադրութեան կեդրոն։ Մենք պիտի ջանանք արմատախիլ ընել այդ չարիքը»,-ըսած է ան:
Մուճահիտի խօսքով՝ աֆղան գիւղացիները պիտի կարողանան դադրեցնել կակաչ աճեցնելը, եթէ միջազգային հանրութիւնը օգնէ անոնց իւրացնել այլ մշակաբոյսեր։
«2001 թուականին, եթէ կը յիշէք, թմրանիւթի արտադրութեան ծաւալները հասած էին զէրոյի, սակայն յետոյ աֆղանական տարածքը գրաւուեցաւ, եւ թմրանիւթերու մշակումը վերսկսաւ, այդ շարքին՝ կառավարական մակարդակով»,-ըսած է ան՝ խոստանալով, որ Աֆղանիստանը պիտի դառնայ թմրանիւթերէ զերծ երկիր, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է միջազգային աջակցութիւն՝ այլընտրանքային մշակաբոյսերու տեսքով։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ