image

Թալեպները խոստացած են կանխել ահաբեկիչներու Ուքրանիա տեղափոխումը

Թալեպները խոստացած են կանխել ահաբեկիչներու  Ուքրանիա  տեղափոխումը

Թալեպները երաշխաւորած են, որ իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ թոյլ պիտի չտան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գրոհայինները, այդ շարքին՝ ISIS-ի (Իսլամական պետրութիւն) անդամները,  տեղափոխել Ուքրանիա, նշած է Աֆղանստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Զամիր Քապուլովը։

Քապուլով այս մասին ըսած է, պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչ է Ռուսիոյ արձագանգը այն լուրերուն, որ երրորդ երկիրներ Աֆղանստանի մէջ զինեալներ կը հաւաքագրեն՝ անոնց Ուքրանիա ուղարկելու համար։

Անցեալ տարուան օգոստոսին իշխանութեան գալէ ետք թալեպները խոստացած էին, որ Աֆղանստանի տարածքէն Ռուսիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու անվտանգութեան սպառնալիք պիտի չըլլայ։