Քովիտ-19-ը երբեք ամբողջութեամբ պիտի չվերանայ, քանի որ կենդանիներէն մարդոց փոխանցուելու եղանակը չափազանց դժուար է յաղթահարել: Ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Առողջապահական արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի գործադիր տնօրէն Մայք Ռայան։
«Գրեթէ անհնար է ամբողջութեամբ վերացնել Քովիտ-19-ը, բայց մենք կրնանք վերջ տալ անոր ստեղծած առողջապահական արտակարգ իրավիճակներուն», - ըսած է Ռայան։
Ռայան բացատրած է, որ կենդանիէն մարդուն փոխանցուելու պատճառով եւ հակառակը, Քովիտ-19-ի ամբողջական վերացումը քիչ հաւանական է։
Ուրբաթ օր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը չեղեալ յայտարարեց 2020 թուականին յայտարարուած Քովիտ-19 համաշխարհային համաճարակի կարգավիճակը։