image

Տէրոջ Պայծառակերպութեան տօնը՝ Քեսապի մէջ. Պատարագած է Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Տէրոջ Պայծառակերպութեան տօնը՝ Քեսապի մէջ. Պատարագած է Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Օրերս Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքը տօնախմբած է մեր Տէրոջ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը։ Նոյն տօնի աւանդութեանց մէջ կ՚իյնայ անշուշտ Վարդավառը, որ տօնակատարուած է մեծ շուքով։ 

 Այս առթիւ Սուրբ Պատարագ մատուցած է Քեսապի հոգեւոր հովիւ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան։

 Ստորեւ այդ մասին խմբագրութեանս հասած թղթակցութիւնը։

Կիրակի` 27 Յուլիս 2025-ին, տօն Պայծառակերպութեան Տ․ Մ․ Յիսուսի Քրիստոսի, կէսօրէ ետք ժամը 5։00-ին, Գարատուրանի «Կղիցիկ» ուխտավայրին մէջ, տարիներու աւանդութեան համաձայն, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է՝ Պայծառակերպութիւնը-Վարդավառը։

Այս տօնը շարժական է եւ կը նշուի Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութենէն ետք, 14-րդ Կիրակին։

Այսօրուան սուրբ աւետարանական ընթերցումը կը բանայ մեր առջեւ տիեզերքի ամենէն պայծառ տեսիլքներէն մէկը՝ Տիրոջ Պայծառակերպութիւնը:

Թափոր լեռան խորհրդանշական բարձունքին վրայ, Քրիստոս կը ներկայանայ ոչ թէ միայն որպէս ուսուցիչ, այլ իբրեւ Աստուծոյ Որդին, որու մէջ մարդկային բնութիւնը լուսաւորուեցաւ աստուածային փառքով։

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երեսը արեւի պէս լուսաւորուեցաւ եւ հանդերձները՝ լոյսի պէս սպիտակ եղան, ըստ Մատթէոս աւետարանիչի վկայութեամբ (Մատթ. 17.2)։

Այդ պահը՝ երկինքը բացուեցաւ ու աստուածային փառքը ցոլաց մարմնացած Քրիստոսին վրայ։

Մովսէս եւ Եղիա՝ Օրէնքի ու Մարգարէութեան ներկայացուցիչները, ներկայ գտնուեցան անոր հետ, վկայելով թէ Քրիստոս չէ եկած ջնջելու, այլ՝ կատարելու Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը ու ահա ամպի մէջէն՝ հօրական ձայն մը հնչեց. «Այս՛ է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ. Անոր մտիկ ըրէք »։ (Մատթ. 17.5)

Այս խորհրդաւոր պահին, երկինքն ու երկիրը զիրար ողջագուրեցին, եւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկնաւոր փառքով ու երկրային խոնարհութեամբ գովաբանուեցաւ։

Նոյն այդ մարմինը որ պիտի խաչուի, այժմ կ՛այլակերպուի։ Նոյն այդ Միածին Որդին որ պիտի չարչարուի, այժմ կը փառաւորուի։

Այս տեսիլքը յստակ պատգամ մը ունի մեզի՝ որպէս քրիստոնեաներ, թէ մեր կեանքին մութ պահերը, փորձութիւնները եւ կասկածները վերջնական չեն։

Աստուած պատրաստ է մեզ առաջնորդելու պայծառութեան ճանապարհին վրայ, երբ մենք լսենք Անոր Ձայնը եւ ու ապրինք Անոր պատուիրանները։

Երբ մեր կեանքի ամէնօրեայ խաչը՝ սիրով եւ հաւատքով վերցնենք, երբ մեր աղօթքը խոնարհութեամբ բարձրացնէք առ Աստուած, վստահելով Բարձրեալին,որ մենք ալ պիտի այլակերպուինք Քրիստոսի հետ ։

Սիրելինե՛րս, մեր կեանքը շատ անգամ կը կարծենք թէ մթնշաղ է, բայց Աստուած կ՚ուզէ որ մենք վեր բարձրացնենք մեր հայեացքը սեւեռելով պայծառակերպուած Քրիստոսին։

Պետրոս առաքեալը ըսաւ՝ «Տէ՛ր, լաւ է որ մենք այստեղ ենք», եւ մենք ալ կրնանք ըսել՝ «Տէ՛ր, լաւ է որ Դուն ներկայ Ես մեր մէջ»։ Որովհետեւ երբ Քրիստոս կը գտնուի մեր հոգւոյն մէջ, ամէն լեռ Թափոր կ՚ըլլայ, եւ ամէն գիշեր՝ արշալոյս։

Թող պայծառակերպուած Քրիստոսը լուսաւորէ մեր սրտերը ու աչքերը, առաջնորդելով մեզ դէպի յաւիտենական կեանք եւ թող այս տեսիլքը ապրի մեր մէջ յարատեւ՝ յոյսի եւ ուղղութեան աղբիւր դառնալով։

Թող Քրիստոսի լոյսը լուսաւորէ մեր ընտանիքները, մեր ժողովուրդը, մեր հայ ազգը։

Թող Տիրոջ պայծառակերպուած երեսը ըլլայ մեր մխիթարութիւնը՝ մութ օրերուն, մեր ուղեցոյցը՝ որոշումներուն մէջ, մեր յոյսը՝ մեր սպասումներուն պահուն։

Թող պայծառակերպուած Տէրը վերափոխէ ձեր հոգին, սրբէ ձեր սիրտը եւ առատէ խաղաղութիւն ձեր կեանքին մէջ։

Թող Թափոր լեռան լոյսը՝ ներթափանցէ ձեր տուներուն մէջ, ու Աստուծոյ ձայնը օր մը նաեւ ձեր հոգիին մէջ հնչէ աստուածահաճոյ այս քաղցր բառերը․ «Դուն ես իմ սիրելի զաւակս»։

Ս․ Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնէք։

Շնորհաւոր Վարդավառ եւ բոլորին ուխտը ի կատար․

Պատմական ակնարկ մը վարդավառի տօնին մասին, որ ունի հեթանոսական արմատներ։

Քրիստոնէութենէն առաջ Վարդավառը նուիրուած էր Աստղիկ դիցուհիին՝ սիրոյ, գեղեցկութեան ու ջուրի դիցուհիին։

Ժողովուրդը ծաղիկներ կը նուիրէր եւ աղաւնի կը թռցնէր ի նշան խաղաղութեան։ Ջուրը խորհրդանշան էր սրբութեան ու բերք առատութեան։ Հոնկէ մնացած է ժողովրդային աւանդոյթը՝ ջուր ցայտելը։

Վարդավառը մեր հաւատքին համար հրաշալի առիթ մըն է՝ խորհելու Քրիստոսի աստուածային փառքին մասին։

Իր պայծառակերպութիւնը կը դառնայ նախապատրաստութիւն մը մեր իսկ հոգեւոր պայծառացման՝ մաքրման եւ սրբացման։

Եւ նոյն ժամանակ՝ ժառանգութիւն մըն է մեր նախնիներէն, որուն մէջ կ՛երեւի ժողովուրդի ուրախ հոգին ու բնութեան նկատմամբ սիրոյ արտայայտութիւնը։

 

 

 

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան
Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն