Յայտնի փոքըր խաղցող, միլիոնատէր եւ Instagram-ի ամենայայտնի մարդոցմէ մէկը` Տէն Պիլզերեանը յայտարարած է մեծ ճամբորդութեան մասին: Պլոկըրը իր Instagram-ի Stories բաժնով կիսուած է, թէ ինչպէս կը հաւաքէ իրերը եւ բացայայտած է այն երկիրներու ցանկը, ուր ան կը պատրաստուի այցելել:
«Իրլանտա-Տուպայ-Մալտիւներ-Թայլանտ-Հայաստան-Ֆրանսա», յայտնած է Տէնը:
Ամերիկացի միլիոնատէր Տէն Պիլզերեանը, անոր եղբայրը` Ադամը եւ հայրը` Փօլը, 2020 թուականի Հոկտեմբերին 250 հազար տոլար փոխանցած են Արցախին օգնելու համար:
«USArmenia»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Փօլ Պիլզերեանը նշած է, որ չափազանց հիասթափուած է այն փաստէն, որ Ատրպէյճանը յարձակած է Արցախի եւ հայերուն վրայ: Հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է, որ կը պատրաստուի գալ Հայաստան, սակայն COVID-19-ը խառնած է բոլոր ծրագրերը:
Ի դէպ, 2018 թուականի Օգոստոսին Տէն Պիլզերեանն ու անոր եղբայրը` Ադամը, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած են: