image

«Տաշիր»էն թունաւորուածներուն թիւը հասաւ 122 –ի

«Տաշիր»էն թունաւորուածներուն թիւը հասաւ 122 –ի

«Տաշիր փիցա» հանրային սնունդի կէտերէն օգտուած եւ «աղիքային վարակին» բնորոշ ախտանիշներով ընդհանուր դէպքերը կազմած են 122, որոնցմէ 21-ը մինչեւ 18 տարեկան են, տեղեկացուցած է Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

6 Նոյեմբերի՝ ժամը 16:00-ի դրութեամբ բուժումը կը շարունակեն 88 քաղաքացի, որոնցմէ 19-ը՝ մինչեւ 18 տարեկան: 34 հիւանդ, որոնցմէ 2-ը՝ մինչեւ 18 տարեկան, հիւանդանոցէն դուրս գրուած է: Հիւանդանոց փոխադրուած հիւանդներէն 64-ը բուժօգնութիւն կը ստանայ Ինֆեկցիոն (վարակային)  հիւանդութիւններու ազգային կեդրոնէն ներս, որոնցմէ 18-ը մինչեւ 18 տարեկան են:

Տասը քաղաքացի բուժօգնութիւն կը ստանայ «Արմենիա» հանրապետական բժշկական կեդրոնէն ներս, որոնցմէ 1–ը՝ մինչեւ 18 տարեկան, 12-ը՝ Միքայէլեան վիրաբուժութեան հիմնարկէն ներս եւ 2-ը՝ Մարտունիի բժշկական կեդրոնէն ներս։

Հիւանդներու 6-ի առողջական վիճակը ծանր է, միւսներունը՝ բաւարար: