Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Կը ծագի հարց, որ արդեօք տարի մը առաջ Լիբանանի մէջ «Սեւ օր»ուան վերածուած «Բէյճըր» սարքերու պայթեցման օրը ջրբաժան էր՝ լիբանանցիներուն համար։ Հարցադրումը այս օրերուն աւելիով կը շեշտուի, որովհետեւ այդ օրուընէ սկսեալ սկիզբ առաւ «Հըզպալլա»ի անկումը եւ միւս կողմէ ալ անոր օտարումը լիբանանեան իրականութիւնէն։
Ի վերջոյ, Իսրայէլ առանձի՞նն կատարեց այդ բոլորը, եւ Թէլ Աւիւէն բացի որոնք էին օգտուողները, ի՞նչ էր հիմնական նպատակ ու ի՞նչ «Բասվորտ» մէկ կողմէ պայթումներուն ու միւս կողմէ ալ «Հըզպալլա» արագ անկումին միջեւ, որուն հիմնական դարձակէտը կուսակցութեան անօրինակ եւ ազդեցիկ առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման դէպքն էր…։
Հարցադրումը տակաւին երկար պիտի լսելի դառնայ, մանաւանդ, որ այդ ոճրային դէմպքէն ետք «Հըզպալլա»ն այլեւս նոյնը չէ ու դժուար թէ վերադառնայ մօտիկ անցեալի իր պատկերին։
Իւրաքանչիւր լիբանանցիի սիրտ այդ օր իրողապէս արիւնեցաւ, որովհետեւ այն պայքարը, որուն մէջ «Հըզպալլա» մխրճած էր ինքզինք ի նպաստ Լիբանանի եղած պայքար մը չէր, ու աւելին չի բացառուիր մտածել, որ «Հըզպալլա» լիբանանեան կազմակերպութիւնը «կը քաղէր» իր կատարած մեծ սխալներուն «արդիւնք»ը։
Ստորեւ «Բէյճըրներու օր»ուան մասին մանրամասն՝
Լիբանանի «Բէյճըրներու եւ Ոքի-Թոքի»ի պայթումները միաժամանակ եղած պայթումներու մասին, որ տեղի ունեցան ճիշդ տարի մը առաջ այս օրերուն՝ Սեպտեմբեր 17-18 2024-ին ։ Առաջին ալիքը արձանագրուեցաւ Չորեքշաբթի, 17 Սեպտեմբերին, երբ «պայթեցուեցան» «Բէյճըր» անունով ծանուցիչ սարքերը։ Արդիւնքը եղաւ ծանր․ զոհուեցան 12 հոգի, որոնց մէջ երկու մանուկ, իսկ վիրաւորուեցան շուրջ 2750-2800 անձեր, այդ շարքին՝ կանայք, մանուկներ եւ տարեցներ։ Վիրաւորներէն մօտ 300 հոգի կը գտնուէին վտանգաւոր կացութեան մէջ։
Այս պայթուցիկ սարքերը նախապէս ներմուծուած եւ լայնածաւալ կերպով գործածութեան մէջ դրուած էին «Հըզպալլա»ի կողմէ։ Պայթումներու մեծ մասը արձանագրուեցաւ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ՝ որոնք կը նկատուին «Հըզպալլա»ի գլխաւոր «ամրոց»։ Կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը նկարագրեց միջադէպը իբրեւ «մինչեւ այսօր «Հըզպ»ին դէմ դկատարուած ամենամեծ անվտանգային խախտումը»։
Նոյն օրը՝ պայթումներէն ետք, Իսրայէլի ներքին գաղտնի ծառայութիւնը՝ «Շապաք»ը, յայտարարեց թէ տապալած էր «Հըզպալլա»ի ծրագիր մը, որուն նպատակն էր սպաննել նախկին անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը՝ գործածելով պայթուցիկ սարք։
Ի դէպ պայթումներու օրը, Իսրայէլի Անվտանգութեան եւ Քաղաքականութեան Ներքին Խորհուրդը սահմանեց նոր ռազմավարական նպատակ՝ ապահովել հիւսիս վերադարձող բնակչութեան անվտանգութիւնը։ Ասիկա աւելցաւ երկու այլ գոյութիւն ունեցող նպատակներուն՝ «Համաս»ի ապամոնտաժում եւ 7 Հոկտեմբերին առեւանգուած պատանդներու ազատ արձակում։