15 սեպտեմբերին, խումբ մը քաղաքացիներ հաւաքուած են Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ` յայտնելու իրենց խիստ մտահոգութիւնը Արցախի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակի վերաբերեալ:
«Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին հաւաքի մասնակից, Հադրութի քաղաքապետ Վահան Սավադեանը նշած է, որ իւրաքանչիւր արցախցի այսօր կը փորձէ յաղթահարել դժուարին փորձութիւններ, բայց տեղահանուածներու վիճակն այս պահուն անհամեմատ աւելի ծանր է։ Անոնց մեծ մասը չաշխատիր, բայց ստիպուած է միջոցներ հայթայթել գոյատեւելու համար:
«Մարդիկ հաւաքուել են հրապարակում` հասկանալու` ով ունի իրենց հարցերի պատասխանը, առաջիկայ խնդիրներն ինչպէս պիտի յաղթահարեն եւ, վերջապէս, ինչ է սպասում արցախահայութեանը: Իրավիճակն այնքան է սրուել, որ մարդիկ դիմանալու կարողութիւն անգամ չունեն» - նշած է մեր զրուցակիցը։
Անոր խօսքով` համայնքներու ղեկավարներու եւ հրապարակին մէջ հաւաքուածներու միջեւ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն`երկուշաբթի օր հանդիպիլ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հետ եւ քննարկել բնակչութեան առջեւ ծառացած խնդիրները: