image

«Սփիւռքը համաձայն չէ, Հայաստանի կեցուածքներուն հետ».Մայք Սարեան

  «Սփիւռքը համաձայն  չէ, Հայաստանի  կեցուածքներուն հետ».Մայք Սարեան

  Ամերիկահայ   հանրայայտ գործարար  եւ ազգային բարերար՝ Մայք Սարեան կը  գրէ ՝

Հայաստանը ամբողջութեամբ Ատրպէյճանին յանձնուելու ելած է ՝ նոյնիսկ առանց որեւէ ինքնապաշտպանական կռիւ մղելու։

Անոնք ամէն գնով հաշտութեան պայմանագիր կը խնդրեն ատրպէյճանցիներէն եւ կ՚աղաչեն, որ յանձնման պայմանագիր ստորագրեն։

Անոնք կ՚ըսեն, թէ Երեւանը Արցախի հետ խնդիր չունի։

Այս մէկը ըսէք 5000-է աւելի զոհուած հայ երիտասարդ զինուորներու

ընտանիքներուն, որոնց զաւակները զոհուած են 44-օրեայ պատերազմին։ Եթէ խնդիր չունէիք, ինչո՞ւ  անիմաստ տեղը կռուեցաք եւ անոնց մահուան պատճառ դարձաք։

Մենք այստեղ՝ Սփիւռքի մէջ, համաձայն չենք այն բաներուն, որ այս

կառավարութիւնը կ՚ըսէ կամ կ՚ընէ յանձնուելու համար։ Ամօթ անոնց, որ կը դաւաճանեն աշխարհասփիւռ հայութեան։  Հայաստանի 2 միլիոն հայերը չեն կրնար ներկայացնել մեզի՝ Սփիւռքին, որ Հայաստանի բնակչութենէն 4 անգամ աւելի մեծ է։

Մենք կտրականապէս  կը մերժենք այս եւ պիտի կազմակերպուինք անոր դէմ պայքարելու։ Փառք Աստուծոյ, որ այնտեղ չենք ապրիր եւ չենք ենթարկուիր անոնց յանձնուելու փափաքին եւ նուաստացման լիակատար քմահաճոյքին:

Իմ մեծ մայրս ու մեծ հայրս վերապրած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ մեր ընտանիքին մէջ շատեր թուրքերու կողմէ կոտորուած են։

Մենք միշտ կ՚ըսէինք, թէ  այլեւս երբեք 1915 պիտի չըլլայ, բայց այս անգամ մեր հայրենակիցներու կողմէ, հերթական 1915-ի մը շեմին ենք: