Սիւնիքի Իշխանասար լերան շրջանին մարտական գործողութիւնները վերսկսած են։ «Sputnik Արմենիա»ին Իշխանասարի գիւղապետ Մարատ Պետրոսեանը յայտնած է, որ կրակոցները վերսկսած են գիշերը: Կը գնդակոծեն դիրքերը։
Գիւղի մէկ այլ բնակիչ յայտնած է, որ հրետանի կ'աշխատի, արկեր կ'իյնան բնակավայրէն քիչ մը աւելի բարձր տեղանքին մէջ։
Գիւղի ուղղութեամբ հարուածներ չեն եղած։
Յիշեցնենք` այսօր ժամը 8։00–էն ատրպէյճանցիները կրկին հրետակոծած են Ջերմուկնն ու Վերին Շորժան։