image
Հրատապ լուրեր:

Շուէտ ժամանակաւորապէս փակած է Լիբանանի մէջ իր դեսպանատունը

Շուէտ ժամանակաւորապէս փակած է Լիբանանի մէջ իր դեսպանատունը

Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլսթրոմ յայտարարած է, որ երկիրը որոշած է ժամանակաւորապէս փակել իր դեսպանատունը Լիբանանի՝ Պէյրութին մէջ անվտանգութեան իրավիճակով պայմանաւորուած։

Տեղեկութիւնը հաղորդած է Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Ան ըսած է, որ Պէյրութ գտնուող դիւանագէտները ժամանակաւորապէս կը տեղափոխուին Կիպրոս:

Պիլսթրոմ նաեւ նշած է, որ ժամանակաւոր փակումն անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ երկարաձգուիլ՝ ելլելով անվտանգային իրավիճակէն։