Տարածաշրջանի եւ անոր սահմաններու մէջ ցանկացած փոփոխութիւն Իրանի համար կարմիր գիծեր են։
Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին։
Տեղեկութիւնը յայտնած է sputnikarmenia-ն՝ յղում ընելով miranpress-ին։
Ռայիսի ընդգծած է, որ «3+3» ձեւաչափէն դուրս շփումը, օտարերկրացիներու հետ համագործակցութիւնը, անոնց հետ զօրավարժութիւններ կատարելը եւ կասկածելի ուղեւորութիւնները միայն կը բարդացնեն իրավիճակը։
Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ Իրան պատրաստ է օգնել ՀՀ–ին եւ Ատրպէյճանին առկայ խնդիրները լուծելու գործով։