Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Առաջնորդ գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան կը գրէ.
Հաւատարիմ մնացիր այս խանութին եւ այս գործին, աւելի քան 70 տարի թել եւ ասեղով պահեցիր մեզ, այս խանութին մէջ դաստիարակիչ խօսքերդ յիշատակելի են։
Հոս կեանքիդ լա՜յն եւ հարուստ փորձառութիւնդ տուիր մեզի։ Դպրոց երթալու բախտը չունեցար այդ դժբախտ մանկութեանդ, բայց կեանքի մեծ շատ ՄԵԾ ԴՊՐՈՑ էիր, ՀԱ՛ՅՐՍ։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Հերո՛սս...
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Սրբազան հայրը կորսնցուցած էր իր սիրելի հայրը՝ Զօհրապ Սարգիսեանը, որ մահացած էր Գամիշլիի մէջ։