image

Շառլ Միշելը դեռ պատրաստ է եւ կ՚ուզէ կազմակերպել առաջնորդներու հանդիպում Պրիւքսէլի մէջ հնարաւորինս շուտ. Թոյվօ Քլաար

Շառլ Միշելը դեռ պատրաստ է եւ կ՚ուզէ կազմակերպել առաջնորդներու հանդիպում Պրիւքսէլի մէջ հնարաւորինս շուտ. Թոյվօ Քլաար

Եւրոպական Միութիւնը ստիպուած չէ որեւէ կողմի հետ ըլլալ. մենք, եւ մասնաւորապէս նախագահ Միշելը առաջարկած է իր բարեկամական ծառայութիւններ. Մեզի համար առաջնային շահը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնագիր ունենալն է։ Այս մասին «Արմէնփրէսին» տուած հարցազրոյցին նշած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի վերջին պահուն՝ նախ Կրանատայի հանդիպումէն, ապա՝ Պրիւքսէլի մէջ հոկտեմբերի վերջը նախատեսուած հանդիպումէն հրաժարելուն:

«Իսկ թէ ի վերջոյ այդ ուր կը ստորագրուի, մեզի համար շատ աւելի քիչ կարեւոր է, քան այն փաստը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայ իրական յարաբերութիւններու կարգաւորում: Սա մէկ կէտ է։

Իսկ ինչ կը վերաբերի նախագահ Ալիեւի՝ Կրանատա չգալու որոշման, մենք հիասթափուած էինք, կը կարծէինք, որ այդ կարեւոր հնարաւորութիւն եւ բաւականին կարեւոր համաժողով է զօրաւոր ուղերձներ ուղարկելու համար։

Նախագահ Միշելը դեռ պատրաստ է եւ կ՚ուզէ կազմակերպել առաջնորդներու հանդիպում Պրիւքսէլի մէջ հնարաւորինս շուտ: Ամսաթիւերը, ի հարկէ, կարեւոր են: Բայց ամենակարեւորը իրականութեան մէջ առաջ շարժիլն է, եւ ատոր վրայ է որ մենք կեդրոնացած ենք՝ փորձել խրախուսել առաջընթացը յարաբերութիւններու իրական կարգաւորման ուղղութեամբ»,-ըսած է Քլաար: