image

Սաստիկ տաք եւ հրդեհավտանգ իրադրութիւն

Սաստիկ տաք եւ հրդեհավտանգ իրադրութիւն

Արարատեան դաշտին եւ անոր նախալեռներուն, Վայոց Ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովտային շրջաններուն եւ Երեւանի մէջ կը սպասուի բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:

Հանրապետութեան տարածքին 27 եւ 29 Յուլիսին, առանձին շրջաններու մէջ, 28-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ հիմնական կէսօրէն ետք կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ 26 Յուլիսին, 30-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան՝ 5-10 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 18-23 մ/վ արագութեամբ։

Օդի ջերմաստիճանը 25-26-ի ցերեկը աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 2-4 աստիճանով, 28-29-ին պիտի նուազի 3-5 աստիճանով։

Երեւան քաղաքին մէջ Յուլիս 26-27-ը, 29-30-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: 28 Յուլիսին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ 18-20 մ/վ արագութեամբ: