Սուրիոյ կառավարական ուժերը եւ քրտական կողմէ վերահսկուող «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը» Հալէպի մէջ հասած են հրադադարի համաձայնութեան՝ լուրջ բախումներէ ետք։ Այս մասին կը հաղորդէ Syria TV-ն։
Բախումներուն հետեւանքով քաղաքացիական անձանց շարքէն կայ 1 զոհ եւ քանի մը վիրաւոր, իսկ Ներքին ապահովութեան ուժերէն՝ 1 զոհ եւ 4 վիրաւոր։
Ըստ լրատուամիջոցի՝ հոկտեմբեր 6-ի առաւօտեան «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը» թիրախաւորած էին Հալէպի հիւսիսը գտնուող ապահովական անցակէտեր՝ խուճապ տարածելով եւ նիւթական վնաս պատճառելով։
Ըստ Անվտանգութեան ուժերու մէջ Syria TV-ի աղբիւրին, «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը» ականանետային արկեր արձակած է եւ գնդացիրներէ կրակ բացած է բնակելի թաղամասերէն մէկուն վրայ, որու հետեւանքով վիրաւորուած են 8 խաղաղ բնակիչներ։ Այլ թաղամասի մը մէջ ականանետային պայթումի հետեւանքով սպաննուած է 1 կին, 4 հոգի՝ վիրաւորուած։ Նշուած է, թէ բնակելի այլ հատուածներու մէջ եւս կան վիրաւորներ, բայց անոնց ճիշդ թիւը չի հաղորդուիր։
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ յատուկ զինուորական ստորաբաժանումները իրականացուցած են գործողութիւն մը, որու ընթացքին յայտնաբերուած է «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»-ուն պատկանող փապուղի մը, որ գործածուած էր յարձակումներու համար։ Փապուղին պայթեցուած է։ Գործողութենէն ետք ձեռնարկուած են ապահովական կանխարգելիչ միջոցառումներ, փակուած են շարք մը ճամբաներ։
Բնակիչներ դուրս եկած են ցոյցի՝ բողոքելով ճամբաներու փակման դէմ, բայց քաղաքացիական հագուստով «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»-ու զինեալները, ըստ աղբիւրի, յարձակած են անվտանգութեան անցակէտի վրայ՝ սպաննելով սպայ մը եւ վիրաւորելով ուրիշներ։
Այս դէպքէն ետք աւելի շատ ճամբաներ փակուած են, եւ բնակիչներուն կոչ եղած է դուրս չելլելու իրենց տուներէն։
Աւելի ուշ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»-ու եւ Ներքին անվտանգութեան ուժերու միջեւ բախումները դադրած են, ձեռք բերուած է մշտական հրադադարի համաձայնութիւն։
Այս բախումները եղած են կողմերուն միջեւ ամենալուրջը՝ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին։ Ըստ լրատուամիջոցի՝ իրավիճակը այժմ կայուն է։
Syria TV-ի աղբիւրը նշած է, թէ Հալէպի մէջ տեղի ունեցածին պատճառը կրնար ըլլալ այն, որ քանի մը փուլ բանակցութիւններէ ետք Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը» չեն կրցած համաձայնութեան գալ՝ շրջանին մէջ անվտանգութեան ուժերու ներկայութեան վերաբերեալ։