image

«Սասնայ ծռեր»ու անդամներ բերման ենթարկուեցան

«Սասնայ ծռեր»ու անդամներ բերման ենթարկուեցան

«Քիչ առաջ ինձ տեղեկացրին, որ տեղի ոստիկանութիւնը` բաժնի պետի գլխաւորութեամբ, առանց հիմք եւ պատճառ նշելու, «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման անդամ Սեդրակ Նազարեանին տանից արգելանքի է վերցրել եւ տեղափոխում է Երեւան»:

Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջով գրած է փաստաբան Մուշեղ Շուշանեանը` յաւելելով.

«Կապուեցի, բայց ոստիկանները հրաժարուեցին ինձ հետ խօսել:

Հէնց նոր տեղեկացայ, որ ոստիկանները այցելել են նաեւ Վարուժան Պարսամի Աւետիսեանի բնակարան:

Իսկ սա նշանակում է, որ «Սասնայ ծռեր»ի նկատմամբ դատավճիռը մտել է ուժի մէջ եւ տղաներին վերադարձնում են բանտ»:

Նշենք, որ ըստ համացանցին մէջ տարածուող տեղեկատուութեան, ոստիկանները տարած են նաեւ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներ  Գագիկ Եղիազարեանը եւ Պաւել Մանուկեանը:

Յիշեցնենք` «Սասնայ ծռեր» խումբի 10 անդամներու գործով դատավճիռը հրապարակուածէ 2021 թուականի Փետրուարին:

Ըստ այդմ` դատարանի դատավճիռով Արայիկ Խանդոյեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուեցաւ` մահուան հիմքով: Դատական վճիռով Պաւել Մանուկեանը մեղաւոր ճանչցուեցաւ առաջադրուած մեղադրանքով եւ դատապարտուեցաւ 10 տարի ժամկէտով բանտարկութեան` առանց գոյքի բռնագանձման, նշանակուած պատիժը հաշուակցելով` անոր նկատմամբ պատիժ նշանակուեցաւ 7,8 տարուայ բանտարկութիւնը:

Վարուժան Աւետիսեանը նոյնպէս մեղաւոր ճանչցուեցաւ մեղադրանքներով եւ դատապարտուեցաւ 9 տարի բանտարկութեան, վերջնական պատիժը` 7,4 տարի:

Դատական վճիռով Գագիկ Եղիազարեանի նկատմամբ պատիժ նշանակուեցաւ 9 տարուայ բանտարկութիւնը սակայն վերջնական պատիժ նշանակուեցաւ 7,5 տարի բանտարկութիւն:

Սեդրակ Նազարեանը նոյնպէս մեղաւոր ճանչցուեցաւ առաջադրուած մեղադրանքներով եւ դատապարտուեցաւ 10 տարուայ բանտարկութեան, սակայն պատիժը հաշուակցելով` դատարանը վերջնական պատիժ նշանակեց 8,2 տարին: