Միացեալ Նահանգներու նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական՝ Ճէյք Սալիվանը բանակցութիւններ վարած է իր թուրք գործընկեր Իպրահիմ Քալընի հետ, յայտնած է RT-ն։
«Անոնք մտքեր փոխանակած են շարք մը տարածաշրջանային հարցերու շուրջ, անոնց կարգին՝ Ուքրանիոյ, Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու շուրջ», ըսուած է Սպիտակ տան կայքով։
Կողմերը քննարկած են նաեւ Արեւելեան Միջերկրական ծովու կայունութեան պահպանման հարցը։