image

Սահմանին հրադադար հաստատուեցաւ

Սահմանին   հրադադար հաստատուեցաւ

Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ժամը 18։30-ին ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ կրակը դադրեցուած է եւ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայունացած է։ Այս մասին տեղեկացուցին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն։

 

Յիշեցնենք, որ 16 Նոյեմբերին, ժամը 13։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները յարձակում գործած են սահմանի տուեալ ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Հակառակորդը կիրառած է նաեւ հրետանային միջոցներ, զրահներ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։

 

Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններու հետեւանքով հակառակորդը ունի կենդանի ուժի մեծաթիւ կորուստ,  քանի մը միաւոր զինուորական սարքեր ոչնչացուած կամ շարքէ դուրս ելած են։ Հայկական կողմը նոյնպէս կորուստներ ունի։ Այս պահին ճշդուած տուեալներ կան մէկ զոհի մասին՝ 1991-ի ծնունդ, պայմանագրային զինծառայող, շարքային Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան։ Վիրաւորներու թիւը նոյնպէս կը ճշդուի։ Եւս 12 զինծառայող գերեվարուած է։ Նոր տեղեկութիւններու պարագային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կու գայ համապատասխան հաղորդագրութեամբ։