Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի առողջական վիճակը կը շարունակէ վատթարանալ։ Այս մասին հրապարակուած զեկոյցին մէջ յայտնած են Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի փորձագէտները։
Եզրակացութեան համաձայն՝ Վրաստանի նախկին նախագահի մօտ դիտարկուած է «արեան մէջ սպիտակ արեան բջիջներու նուազում»։
Փորձագէտները նշած են, որ պատճառը ոսկրածուծի հետ կապուած խնդիրներն են, սակայն առանձնակի դիտողութիւններ չունին բուժհաստատութեան մէջ բուժման ընթացքի վերաբերեալ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ
