image

Սահակ Պատրիարք վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ

  Սահակ Պատրիարք վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ

Թուրքիոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք վիրաբուժութեան ենթարկուած է։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ «Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հայրը ընդհանուր առողջապահական քննութեան ենթարկուած ըլլալով, ստամոքսին վրայ ստուգուած հիւսուածքը 18 Օգոստոս 2021, չորեքշաբթի ներքնադիտարկման ու վիրաբուժական միջամտութեամբ բժշկութեան ենթարկուած է, որ յաջողութեամբ պսակուած է։

Նորին Ամենապատուութեան համար կենսական վտանգ մը գոյութիւն չունի։ Հիւանդանոցի մէջ բժշկական հսկողութեան ներքեւ կարճատեւ ապաքինման շրջանը բոլորելէ ետք պիտի վերադառնայ իր պաշտօնին»։