Ռուսիա հաստատած է, որ պատրաստ է Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում, սակայն յստակ ժամկէտ դեռ չկայ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
«Մենք բազմիցս հաստատած ենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ մոսկովեան հարթակը տրամադրելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հետագայ երկխօսութեան համար՝ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցերու շուրջ։
Մեր այս պատրաստակամութիւնը կը մնայ անփոփոխ։
Երբ համաձայնեցնենք նման միջոցառման ժամկէտները, ապա ժամանակին կը յայտարարենք այդ մասին», - լրագրողներուն ըսած է Կալուզինը։